The following text is printed from «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» Weekly newspaper dated November 26, 2009, and December 3 2009. «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» was an independent Armenian newspaper published in L.A by the late Krikor Shenian.
«ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» had copy printed the articles from «ԱԶԳ» newspaper of Yerevan Armenia. «ԱԶԳ» is published by Ramgavar party of Armenia.
Tekeyan had re-published the 6 editorials that he wrote in «ԱՐԵՒ» newspaper 1n 1931 March 6-18. in a booklet format, with a new preface that explains why he did it and hat is the part printed in this Monologue.
(I titled this Monologue “Part 2” due to the fact that I had already written a Monologue about the content of the 6 editorials dated May 10 2023).
ԹՈՒՐՔ ԵՒ ՀԱՅ
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆՆԵՐԸ
Գրեց՝ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Անակնկալօրէն ճշմարտութեանը դէմ յանդիման գալու տպաւորութիւն է թողնում շուրջ 80 տարի առաջ գրուած այս յօդուածի ընթերցումը: Ճշմարտութիւն՝ որը չի փոխուել կամ քիչ է փոխուել մինչեւ օրս:
Տիրապետող մտայնութիւնները մնացել են նոյնը, կամ գրեթէ նոյնը: Եւ դա առաւել տրտմեցնող է: Մեծ գրողը, Յակոբ Օշականի բնորոշմամբ՝ իրաւ բանաստեղծը, որ միայն պատահականութեամբ է զերծ մնացել իր գործընկերներին անճիտած թուրքի եաթաղանից, բայց մինչեւ վերջ ապրել-կրել է Մեծ Արհաւիրքի թողած
հետեւանքները, եւ, միաժամանակ, որպէս բանագնաց, որպէս ազգային-կուսակցական գործիչ իրազեկ է եղել Հայոց հարցի բոլոր մանրամասներին ու որպէս հրապարակախօս սեւեռուն ուշադրութեամբ է հետեւել տարածաշրջանային բոլոր զարգացումներին, իր համար գտել է այդ ճշմարտութիւնը, որի հետ հանդիպումը, վստահ ենք, որ դուր չի գալու ընթերցողներից ոմանց, ինչպէս ժամանակին՝ 1930-ական թուականներին:
Տաբուներն ու դոգմաները երկար կեանք են ունենում մեր պարագայում…
Կարիք կա՞յ աւելացնելու, որ ստորեւ ու յաջորդ էջերում արտատպուող յօդուածաշարի համար հեղինակն «արժանացել» է իր ղեկավարած կուսակցութեան՝ ՌԱԿ-ի խիստ նկատողութեանը…
«Ազգ»
Յառաջաբան
Կը վերատպեմ այստեղ «Թուրքեւհայ Յարաբերութիւնները» խորախգրով այն յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսաւ Գահիրէ «Արեւ» օրաթերթին մէջ, 1931 Մարտ 6-18, եւ այնչափ խօսիլ ու գրել տուաւ իր վրայ: Կը վերատպեմ՝ մէկ-քանի նկատառումներով.
-Առաջին.- Որովհետեւ օգտակար կը նկատեմ հոն յայտնուած գաղափարներու տարածումը հայ ժողովուրդին մէջ:
-Երկրորդ.- Որովհետեւ գրեթէ բոլոր հայերէն թերթերը, արտասահմանի եւ Թուրքիոյ, խօսեցան այդ գրութիւններուն վրայ, դէմ գրեցին կամ թեր, բայց, ի հարկէ, չէին կրնար անոնց ամբողջ բովանդակութիւնը ներկայացնել իրենց ընթերցողներուն…
-Երրորդ.- Որովհետեւ այս յօդուանծերուն մէջ քննուած ծանօթ խնդիրը կը կարօտի լուրջ
խորհրդածութեան եւ անդրադարձումի, ինչ որ դժուարաւ կարելի է լրագրի մէջ մաս առ մաս եւ յաճախ արագօրէն կատարուած ընթերցման մը ընթացքին: Առաջին յօդուածն, որ հիմն է միւսներուն, յաճախ չի յիշուիր արդէն, երբ երկրորդը կերեւի, ու վեցերորդը անոնցմէ անջատ կը ներկայանայ ընթերցողին մտքին՝ մինչ սերտօրէն կապուած է անոնց եւ չի կրնար ճիշդ ըմբռնուիլ առանց ամբողջին տուեալները, հոն ներկայացուած փաստերը եւ զարգացող տրամաբանութիւնը ի նկատի ունենալու. փոխադարձաբար՝ թերի են առաջինները առանց վերջիններուն եւ վերջնագոյնին:
Այդ յօդուածներուն գրքոյկի ձեւով արտատպման սոյն երեք գլխաւոր պատճառները թուելէ ետք, կը փափաքիմ նաեւ քանի մը խօսք ըսել ներկայ յառաջաբանին մէջ անոնց շարժառիթին, զանոնք կազմող ընդհանուր ոգիին եւ անոնց յարուցած արձագանգին վրայ:
Շարժառիթը
Ճիշդ է որ անոնց գրուելուն եւ «Արեւ»ի մէջ հրատարակուելուն անմիջական շարժառիթը եղաւ Գահիրէի դաշնակցական «Յուսաբեր» թերթին եւ թուրք դեսպանատան կիսապաշտօն օրգան «Մուխատենէթ» թերթին միջեւ մղուող բանավէճը: «Յուսաբեր»ի կատաղի յօդուածները ընդդէմ ամբողջ թրքութեան՝ ժողովուրդին եւ կառավարութեան (յենելով գլխաւորաբար քիւրտերու ապստամբական շարժումին վրայ), «Մուխատենէթ»ին առիթ կու տային հայութիւնը Դաշնակցութիւնով մարմնացած վտանգաւոր գազան մը պատկերացնելու եւ անոր վրայ խիստ ուշադութիւնը հրաւիրելու եգիպտական կառավարութեան, նաեւ ամբողջ իսլամական աշխարհին: Մինչեւ իսկ թուրք դեսպանատունը պէտք կը զգար պատասխանելու «Յուսաբեր«ի ծայրայեղ արտայայտութիւններուն եւ սխալ համարուած տեղեկութիւններուն: Սուրիոյ արաբ ազգայնական մամուլը իր հերթին կօգտուէր այդ հրատարակութիւններէն, հայ գաղթականներուն դէմ գրգռելու համար տեղական կասկածոտութիւնը:
Բաւական չէին «Յուսաբեր»ի կրկնուող եւ իրարմէ աւելի բուռն յարձակումները, դաշնակցական Եգիպտոսի շրջանակի ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը… կուգար բոլորովին իւրացնել այդ թերթին յիմարութիւնները եւ տալ անոնց հաւաքական հանգամանք մը…
Բայց ասիկա փութացուց միայն առարկայական վերլուծումը թուրքեւհայ ներկայ յարաբերութիւններուն, զօր առանց ատոր ալ ժամանակը հասած կը համարէի կատարելու եւ կատարել կը փափաքէի ոչ թէ յօդուածներով, այլ գիրքով մը: Այդ գիրքը պէտք է պարունակէր, ըստ իս, պատմութիւնը մեր երկու ցեղերու կենակցութեան՝ մասնաւորապէս քննութեամբը ԺԹ. դարու ընթացքին պատահած դէպքերուն, վեր առնէր անոնց իւրաքանչիւրին յստակ ընդունակութիւններն ու թերութիւնները, ճանչցնէր անոնց հոգեբանութիւնը, անջատէր եւ զետեղէր տնտեսական գործօնը ընդդէմ քաղաքական գործօնին, որոշէր օտար ազդեցութիւններուն դերը Թուրքիոյ հանդէպ հայ մտքի խոտորման եւ հայ բազուկին շարժման մէջ եւ հայոց հանդէպ թուրք պետական մտքին այլափոխման մէջ, բարենորոգմանց պահանջէն մինչեւ անկախութեան պահանջ (Մեծ պատերազմէն ետք) հայոց պահանջումներուն արդարութիւնը հաստատելով հանդերձ՝ մատնանշէր զանոնք ձեռք բերելու համար մեր գործած սխալները, շեշտէր թուրք պետական մարդոց ամբողջական պատասխանատուութիւնը Հայոց տարագրութեան եւ բնաջնջման ոճիրին մէջ՝ ընդդէմ թուրք ժողովուրդին յարաբերական անպատասխանատուութեան, նկատի առնէր հայ ներկայ պետութեան իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրականութիւնը եւ այդ երկու իրականութեանց մէջտեղ, անոնց լոյսով տեսնէր հայ ամբողջ ժողովուրդին ապրելու, աճելու եւ զարգանալու հարցին լուծումը, ուր վերջապէս, ի պատրաստութիւն այդ լուծումին, ջանար խօսք հասկցնել թէ մեզի եւ թէ թուրքերուն, քանի որ երկուստեք շահ ունէինք մեր յարաբերութիւնները կանոնաւորելու մէջ:
Եւ հիմա կուզեմ ըսել, թէ թուրքերու եւ հայերու յարաբերութիւնները շտկել կամ խաղաղեցնել ջանալէ անդին՝ ինչի կը ձգտէին այս գրուածքները խորապէս եւ ներքնապէս, այնպիսի ձգտումով մը, որ ինծի հարկադրուած էր գրեթէ եւ կը գործէր եթէ ոչ առանց իմ գիտակցութեանս, գոնէ գիտակցութեամբ մը, որ ծածուկ էր եւ զօրաւոր եւ միտքս կը բռնէր, կը բարձրացնէր իր վրայ անտեսել ու արհամարհել տալով գործին բոլոր պզտիկ կողմերը, անոր բոլոր վտանգները. ուզէի, այո, կուզէի հայութիւնը ազատել մղձաւանջէ մը, որ հետզհետէ առեղծուեր, սաստկացեր ու ծանրացեր է իր վրայ, իրմէ շատ զօրաւոր թշնամիի մը դիմաց առանձին գտնուելու, անոր դէմ կռուիլ ստիպուած ըլլալու, իր ամբողջ ճիգը այդ նպատակին համար լարելու եւ միշտ ձախողելու, ձախողիլ գիտնալու մղձաւանջը:
Այն կէս-քունի եւ կէս-արթնութեան վիճակը, որ մերն է տասնեակ տարիներէ ի վեր, կը զգայի եւ կը զգամ, որ պէտք է դադրի վերջապէս ու ան կրնայ դադրիլ գերագոյն ճիգով մը, որ կը կայանայ ինքզինք -այսինքն մեզ- հոգեպէս ազատելու մէջ թշնամիին ազդեցութենէն, ինքզինք համոզելով, թէ արտաքին ձեւերէն, դէպքերէն ու շարժումներէն անկախ՝ ինքը զօրաւոր է իր մէջ, ինքը կարող է տէր մնալու իր մտքին: Կարող է իրեն համար անվնաս դարձնել այդ թշնամին, մօտենալ, դպիլ անոր, զայն նոյնիսկ բարեկամ ընել իրեն՝ եթէ պէտք է, ամէն պարագայի այլեւս չվախնալ, չհիբնոսանալ անով, ազատ ըլլալ չմտածելու անոր եւ մտածելու շատ ուրիշ բաներու, որոնք իր մէջն են եւ իրմէ դուրս եւ կը սպասեն յայտնուիլ ու միանալ իրարու:
Ինծի կը թուէր անշուշտ՝ որ հայերը -այսօրուան Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը մանաւանդ- մոռցած էին իրենց մարդ ըլլալը ու կապրէին միմիայն իբրեւ հայ, իսկ իբրեւ հայ ապրելու համար՝ պէտք ունէին անընդհատ թուրքը յիշելու, անկէ իրենց կրած հարուածնրը, իրենց ունեցած վէճը եւ իրեն պահանջները յիշելու շարունակ: Եւ այդ յիշատակներով անոնք միշտ կուտէին ինքզինքնին՝ ինչպէս կըսուի շատ ճիշդ կերպով, այսինքն կը սպառէին ու կը տկարանային: Ես այն խորին ու անյայտ համոզումը ունէի, թէ հայերը, այսուհետեւ իբրեւ հայ ապրելու համար, պէտք է դադրէին անցեալի ու ներկայի կապակցութենէն եւ պէտք է զայն զգային վերէն որ մարդկութեան հետ իրենց ունեցած կապն է, մարդկութեան բառին մէջ ըմբռնելով անոր ամէնէն ընդհանուր անազգային կերպով մարմին, միտք եւ հոգի կազմող տարրերը:
Հայերս՝ դադրած իբրեւ մարդ ապրելէ, մտածելէ եւ զգալէ, փրկութիւնը մարդու այդ ազատութիւնը գտնելն էր ամէն բանէ առաջ եւ ասոր համար անհրաժեշտ էր փրկուիլ նախ թուրքերէն, անոնց յաճախանքէն: Փրկելով, անշուշտ, ինչ որ կարելի էր փրկել, շօշափելի կամ ոչ, փրկելու պատրանքը միայն ունենալ ի հարկին, եւ այս՝ միմիայն աւելի չպակսեցնելու համար մեր հոգեկան ուժը, զայն պահելու համար մարդկութիւնը մեր մէջ փրկելու եւ աւելցնելու աւելի մեծ՝ գերագոյն գործին. (Emphasis mine)
From this point on «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» Publishes the lengthy 6 part editorials written in «ԱՐԵՒ» newspaper 1n 1931 March 6-18. (See my Monologue about the above 6 editorials dated May 10, 2023)
Zohrab Baibo Sarkissian